Ֆրանսայի վարչապետ Պեռնար Քազենէօվ յայտնեց, որ իր ղեկավարած կառավարութիւնն ու երկրի ապահովական մարմինները կատարելապէս պատրաստ են եւ ոչինչ պիտի խանգարէ նախագահական ընտրութեան կայացումը: Ան յայտարարեց, որ ապահովական մարմիններու 50 հազար յաւելեալ անդամներ պիտի տեղակայուին ընտրութիւններու ապահովութեան երաշխաւորման համար:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ Փարիզի Շանզելիզէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած էր հրացանաձգութիւն մը, որուն ընթացքին 2 ոստիկաններ զոհուած էին իսկ յարձակումը գործող զինեալը սպաննուած էր: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ աւելի ուշ յայտարարեց, թէ հետաքննութիւնները ցոյց կու տան, որ յարձակումը ահաբեկչական արարք էր: Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր ՏԱՀԵՇ-ը` յայտարարելով, որ յարձակումին հեղինակը իր անդամներէն Ապու Եուսեֆ Պելճիքին է:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ ֆրանսական ապահովական մարմինները Պելճիքայի կողմէ տեղեկութիւններու հիմամբ կը հետապնդեն կասկածեալ մը: Պելճիքական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ գոյութիւն չունին փաստեր, թէ Փարիզի մէջ յարձակում գործողը պելճիքացի է, եւ անոր ինքնութիւնը տակաւին չէ ճշդուած: Աւելի ուշ, Պելճիքայի ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Փարիզի յարձակումին հեղինակը Ֆրանսայի քաղաքացի մըն է:
«Սքայ Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Փարիզի յարձակումին հարցով երկրորդ կասկածեալը պելճիքական իշխանութիւններուն անձնատուր եղած է:
All the contents on this site are copyrighted ©. |